ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ 2024-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Կիրակի, Յունուար 28, 2024

Կիրակի, Յունուար 28, 2024-ի, յաւարտ Ս. Պատարագին, տեղի ունեցաւ Միլուօքիի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Տարեկան Անդամական Ժողովը, մասնակցութեամբ տրատու անդամներու եւ Նիւթաբարոյապէս Օժանդակ Հանդիսացող Տնտեսներու (Stewards) աւելի քան 65 տոկոս համեմատութեամբ։

Համաձայն Առաջնորդարանիս Ծրագիր-Կանոնագրին, Տարեկան Անդամական ժողովին իրենց 2023 տարուայ գործունէութեանց տեղեկագիրները ներկայացուցին եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւն ու ծխական խորհուրդը, Թեմական Պատգամաւորը եւ եկեղեցւոյս յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները։

Յընթացս Ժողովին տեղի ունեցաւ զանազան մարմիններու վարչութեանց, ներառեալ Ծխական Խորհուրդի անդամներու ընտրութիւն։  

Անդամական Ժողովին նաեւ առաջարկուեցաւ ուսումնասիրել  հիւրընկալելու կարելիութիւնը 2026 թուականի Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը Միլուօքի քաղաքի մէջ։ 

Ի միջի այլոց հոս կ’արժէ հակիրճ ձեւով յիշել եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցած հետեւեալ մի քանի զարգացումներն ու նուաճումները։

  1. Ս․ Խորանի նոր վարագոյր (Բերուած Հայաստանէն)
  2. Դպրաց Դասի նոր շապիկներ պատանիներու համար (Բերուած Հայաստանէն)
  3. Տնտեսական գետնի վրայ նուիրատուութեանց եւ եկամուտի աճ
  4. Անդամներու եւ Նիւթաբարոյական Տնտեսներու աճ
  5. Milwaukee Armenian Fest-ի աննախնդաց աճում՝ Տնտեսական եւ այլ գետնի վրայ
  6. Եկեղեցւոյս 81-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւն Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Մեսրոպ Եպս․ Պարսամեանի նախագահութեամբ եւ լանջախաչի տուչութիւն եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Կիւրեղին։

Աւարտին, Ժողովը ընդունեց ներկայացուած տեղեկագիրները ու վաւերացուց ներկայացուած 2024-ի եկեղեցւոյս Տարեկան Նախահաշիւը, որմէ ետք Պահպանիչով վերջ գտաւ 2024-ի Տարեկան Անդամական Ժողովը։

Ներկայ մը։