St. John Armenian Church
  • HOME
  • Our Parish
    • Our Mission
    • Our Story
    • Our Pastor
    • Our Parish Council
    • Eastern Diocese
    • Our Diocesan Primate
    • Stewardship
    • Armenian Fest
    • Armenian Fest Volunteers
  • Our Faith
    • We believe
    • Sacraments
    • Our Orthodox Faith
    • Oriental Orthodox Church
    • Armenian Orthodox Church
    • Church Structure
    • Saints and Feasts
    • Five Major Feast Days
  • Hierarchical Sees
    • Holy Etchmiadzin
    • Holy See of Cilicia
    • Patriarchate Of Jerusalem
    • Patriarchate Of Constantinople
    • Two Catholicoi
    • Karekin II
    • Aram I
  • Church Services
    • 2026 LITURGICAL CALENDAR
    • REQUIEM REQUEST
    • A Walk Through the Liturgy
    • Home Blessing
    • Divine Liturgy
    • Clergy Vestments
    • Baptism
      • Baptism Guideline
      • Baptismal Application
    • Wedding
      • Wedding Application
    • Funeral
  • Events
    • Events Calendar
    • Events List
  • Media
    • LATEST NEWS & ARTICLES
    • LATEST NEWS
    • SAINTS & FEASTS
    • BISHOP MESROP’S WRITINGS
    • THIS WEEK IN ARMENIAN HISTORY
    • ARMENIAN CHURCH PUBLICATIONS
  • Contact
  • Menu Menu

ԸՆՏՐԵՑԷ՛Ք ՀԱՒԱՏՔԸ՝ ՎԱԽԻ ՓՈԽԱՐԷՆ

Մեսրոպ Եպս․ Պարսամեան

Վախն ու հաւատքը ունին հասարակաց առաքելութիւն․ երկուքն ալ կուզեն, հաւատանք բանի մը, որ տակաւին չէ պատահած ու կամ անտեսանելի է։ Տարբերութիւնը սակայն այն է, թէ մենք ո՞ր միտքին ապաւինելով կ’ապրինք մեր կեանքը։ Վախը կը հաւատայ միայն վատագոյնին որ կրնայ պատահիլ։ Իսկ հաւատքը, կը յիշէ լաւագոյնը՝ զոր Աստուած կրնայ տալ մեզ։

Սուրբ Գրութեանց մէջ, երբ Մովսէս տասներկու մարդիկ ուղարկեց Աւետեաց Երկիրը լրտեսելու համար, անոնցմէ տասը վախով վերադարձան ու ըսին՝  <<Այն երկիրը, որուն մէջէն անցանք որպէս լրտեսներ, մարդակեր երկիր մըն է․․․եւ հոն տեսանք հսկաներ․․․Մենք մեր աչքերուն մէջ մարախի պէս երեւցանք եւ այնպէս ալ անոնց աչքին մէջ երեւցանք» (Թուոց 13:33)։ Ահա թէ ինչ կ՚ընէ վախը։ Ան կը մեծացնէ ու կը բարդացնէ խնդիրը։ Մանր դժուարութիւնը առնելով լեռի կը վերածէ։ Վախը մեր ականջին մէջ կը փսփսայ. «Դուն պիտի չկարենաս ընել զայն։ Այս բանը քեզ պիտի ճնշէ։ Ապագան չափազանց ծանր է»։

Բայց Յեսուն եւ Քաղերը հաւատքով վերադարձան նոյն վայրէն։ Անոնք նոյն հսկաները տեսան, բայց ըսին.  << Ելլենք ու ժառանգենք զայն․ մենք անշուշտ կրնանք տիրել անոր>>։  Տարբերութիւնը հսկաներուն մեծութիւնը չէր, այլ իրենց հաւատքին մեծութիւնը։ Վախը խոչնդոտը կը չափէր, բայց հաւատքը Խոստումը կը յիշէր։

Վախի մտածումները կրնան յաճախ թակել մեր սրտին դուռը, բայց մենք զանոնք ներս պէտք չէ հրաւիրենք։ Երբ վախը կ՚ըսէ. «Դուն առանձին ես», հաւատքը կը յիշեցնէ. «Տէրը իմ հետն է, ուր որ ալ երթամ ես»։ Երբ վախը կ՚ըսէ. «Այս հիւանդութիւնը քու կեանքիդ վերջաւորութիւնն է», հաւատքը կ՚ըսէ. «Աստուած իմ բժիշկս ու զօրութիւնս է»։ Երբ վախը կ՚ըսէ. «Առաջ երթալու ճամբայ չկայ», հաւատքը կ՚ըսէ. «Աստուած կրնայ ճամբայ բանալ այնտեղ, ուր ես չեմ կրնար պատկերացնել»։

Սիրելիներ, թերեւս դուք այսօր դէմ յանդիման կը գտնուիք մարտահրաւէրի մը առջեւ, որ ձեր կարողութենէն վեր կը թուի ըլլալ անոր լուծումը։ Ըլլայ այն առողջական խնդիր մը։ Ընտանեկան հարց մը։ Տնտեսական մտահոգութիւն մը։ Որոշում մը, որ գիշերները ձեզ անգուն կը պահէ։ Վախը թերեւս կը փորձէ տիրել ձեր սրտին։ Բայց այսօր վճռէ՛ք ընտրել հաւատքը քան վախը՛։ Երբ դուք մտահոգութեան մը պատասխանը չէք տեսներ, հաւատքը սա կըսէ․ << Գիտենք, թէ Աստուած բարիին համար գործակից կ’ըլլայ (Հռովմայեցիս 8:28)։

Վախն ու հաւատքը երկուքն ալ կուզեն որ հաւատանք անտեսանելիին։ Ընտրեցէ՛ք Աստուծոյ անտեսանելի բարութիւնը։ Թող ձեր երեւակայութիւնը դադրի վատագոյնը պատկերացնելէ եւ սկսի տեսնել, թէ Աստուած ի՞նչ կրնայ ընել։ Թող ձեր այն ուժն ու ժամանակը որ մտահոգութեամբ կը վատնէիք, վերածուին աղօթքի։ Այդ ատեն վախը պիտի կորսնցնէ իր ոյժն ու հակակշռութիւնը, ու հաւատքը զօրանայ, եւ դուք երթաք առաջ ՝ քաջ գիտակցութեամբ, թէ Աստուած արդէն կը գործէ  ձեր մէջ։

Մեսրոպ Եպս․ Պարսամեան
16 Մայիս, 2026

Անգլերէնէ թարգմանեց ՆՔՔ

Share this entry
  • Share on Facebook
  • Share on X
  • Share on WhatsApp
  • Share by Mail
  • ՔԱՐՈԶՆԵՐԸ ՈՐ ՉԵՆՔ ՅԻՇԵՐMay 29, 2026 - 9:44 am
  • ԿՐԱԿԸ ԵՐԲԵՔ ՉԷՐ ՄԱՐԱԾMay 28, 2026 - 12:12 am
  • <<ԱՂՕԹՈՂ ՁԵՌՔԵՐԸ>> ՆԿԱՐԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸMay 19, 2026 - 3:04 pm
  • ԸՆՏՐԵՑԷ՛Ք ՀԱՒԱՏՔԸ՝ ՎԱԽԻ ՓՈԽԱՐԷՆMay 16, 2026 - 3:14 pm

Latest News

  • OBITUARY: JOHN KAISHIANMay 16, 2026 - 8:57 pm
  • HISTORIC GALA BANQUET AT MILWAUKEE’S PFISTER HOTEL CELEBRATES FAITH, SERVICE, AND ARMENIAN HERITAGEMay 11, 2026 - 9:05 pm
  • 2026 CLERGY CONFERENCE INSPIRES UNITY AND SPIRITUAL RENEWAL IN MILWAUKEEMay 6, 2026 - 8:09 pm

Hierarchical Sees

Holy Etchmiadzin
Holy See of Cilicia
Patriarchate of Jerusalem
Patriarchate of Constantinople

 

various dioceses

www.armenianchurch.us
www.wdacna.com
www.armenianprelacy.org
www.westernprelacy.org
www.armenianchurch.ca
www.armenianprelacy.ca
www.armenianchurch.org.uk
www.armprelacylb.org

Subscribe to Our Newsletter

Scroll to top Scroll to top Scroll to top