ԿՐԱԿԸ ԵՐԲԵՔ ՄԱՐԱԾ ՉԷՐ
Մեսրոպ Եպս․ Պարսամեան

Երբ եկեղեցւոյ մէջ խունկ կը վառենք, կը տեսնենք որ ածուխը նախ կատաղի բոցով կը վառի ու հետզհետէ մեղմանալով կ’անհետանայ, բայց, կրակը կը մնայ հզօր ու անոր ջերմութիւնը՝ զգալի։ Սակայն որոշ ժամանակ մը ետք ածուխին մակերեսը կը դառնայ մռայլ ու կրակը կը թուի՝ մարած։
Բայց երբ մօտենանք ու մեղմօրէն փչենք անոր վրայ, ածուխը դարձեալ կեանքի կու գայ ու կը դարնայ աշխոյժ ու բոցավար, որովհետեւ կրակը երբեք չէր մառած անոր մէջ։ Ան թաքնուած էր մակերեսին տակ՝ շունչի կամ հովի սպասելով։ Ահա թէ ինչու սարկաւագները անընդհատ կը շարժեն բուրվառը։ Կը շարժեն, որպէսզի օդը անցնի ածուխին վրայէն որ ծածուկ կրակը միշտ վառ պահեն։
Տեսէ՛ք թէ ի՜նչ գեղեցիկ պատկերացում մըն է այս։ Նոյն ձեւով ալ Սուրբ Հոգին կը ներգործէ մեր մէջ։
Կան պահեր երբ մեր հոգեւոր կեանքին մէջ կրակը տեսանելի ու զօրաւոր կը զգանք։ Ներշնչուած կ’ըլլանք։ Աղօթքը դիւրութեամբ կու գայ։ Եկեղեցական արարողութիւնները մեր սրտերուն գոհունակութիւն կու տան։ Հաւատքը կենդանի եւ պայծառ կը թուի ըլլալ։
Սակայն կան նաեւ պահեր, երբ կրակը իր ուժգնութիւնը կորսնցուցած թուիլ ըլլալ մեր մէջ։ Կեանքը ծանրացած, զգացումները նօսրացած, հոգին՝ լուռ։ Մակերեսին վրայ կրնայ ամէն բան մարած ըլլալ մեր մէջ, բայց մեր հոգւոյն խորքին մէջ Աստուծոյ Հոգին տակաւին կենդանի է։
Աստուածաշունչին մէջ Սուրբ Հոգին յաճախ առնչուած է հովին եւ շունչին հետ։ Երբ Աստուած Ադամը հողէն ստեղծեց, անոր մէջ կեանքի շունչը փչեց։ Իսկ Յարութենէն ետք, երբ Յիսուս Իր աշակերտներուն վերնատան մէջ փակ դրներու ետին երեւեցաւ, անոնց վրայ փչեց եւ ըսաւ. «Առէ՛ք Սուրբ Հոգին» (Յովհաննէս 20:22)։
Ապա Հոգեգալուստի օրը այդ սուրբ շունչը հզօր հով դարձաւ, լեցուց այն տունը ուր աշակերտները հաւաքուած էին, եւ անոնց վրայ հանգչեցաւ որպէս կրակի լեզուներ։ Այդ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ քաջութիւնը վերադարձաւ անոնց մէջ, զօրութիւնը նորոգուեցաւ, ու հաւատքի ծածուկ կայծերը դարձեալ բռնկեցան։
Սիրելիներ, բոլորս ալ կարիքը ունինք Աստուծոյ շունչին՝ որ արթնցնէ այն, ինչ որ լուռ կը թուի ըլլալ մեր մէջ։ Մղէ մեզ աղօթքի, Սուրբ Գրքի ընթերցման, Իր շնորհքին՝ որպէսզի թաքուն կրակը դարձեալ ճառագայթի մեր մէջ։
Ուստի, եթէ այսօր ձեր հոգիները լուռ են, մի՛ յուսահատիք։ Կրակը թերեւս զօրաւոր չի թուիր ըլլալ, բայց ան տակաւին հոն է։ Աղօթեցէ՛ք եւ խնդրեցէ՛ք Տիրոջմէ որ դարձեալ Իր շունչը փչէ ձեր վրայ։ Հայցեցէ՛ք Սուրբ Հոգիին, որպէսզի ձեր սրտին ածուխը դարձեալ բորբոքէ, եւ պիտի տեսնէք ինչպէս կրակը պիտի վերականգնի ձեր մէջ, Ջերմութիւնը պիտի վերադառնայ, ու անոր լոյսը դարձեալ պիտի փայլի։
Մեսրոպ Եպս․ Պարսամեան
24 Մայիս 2026
Անգլերէնէ թարգմանեց ՆՔՔ
