ԱՂՕԹՈՂ ՁԵՌՔԵՐԸ ՆԿԱՐԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Մեսրոպ Եպս․ Պարսամեան

Արդեօք տեսա՞ծ էք Albrecht Dürer-ի «Praying Hands» (Աղօթող Ձեռքերը) գծանկարը։ Այս խորհրդանշական արուեստի գործը կը տեսնենք ամէնուրեք։ Անով զարդարուած են բազմաթիւ եկեղեցիներ, տուներ եւ նոյնիսկ տպուած են բացիկներ։ Այդ գծանկարը տեսնողները միշտ հիացած են անոր գեղեցկութեամբ, նուրբ գիծերը, եւ այն երկիւղածութիւնը զոր փոխանցած է իրենց։ Բայց այդ ձեռքերուն ետին կայ պատմութիւն մը, որ պիտի յուզէ ձեր սիրտը ու ներշնչէ ձեր հաւատքը։
Albrecht Dürer (Ալպրեխդ) եւ իր եղբայրը՝ Ալպերդը, ունէին նոյն ձգտումը՝ ուսանիլ Նիւրնբերգի արուեստի դպրոցին մէջ։ Սակայն բազմանդամ ընտանիք մը ըլլալով, անոնց հայրը, տնտեսապէս ի վիճակի չէ եղած երկուքը միեւնոյն ժամանակ դպրոց ուղարկելու։ Ուստի, եղբայրները մշակած են ծրագիր մը, ու որոշած որ նախ Ալպրեխտը դպրոց երթար, մինչ Ալպերդը աշխատէր ածուխի հանքերու մէջ՝ իրեն նիւթապէս օժանդակելու համար։ Իսկ երբ Ալպրեխտը աւարտէր իր ուսումը, իրար տեղ փոխանակէին․ Այսպիսով Ալպերդ պիտի հետապնդէր իր երազը, իսկ Ալպրեխտ պիտի աշխատէր անոր ուսման ծախսերը հոգալու համար։
Ժամանակի ընթացքին Ալպրեխտ դպրոցին մէջ փայլեցաւ եւ դարձաւ հանրածանօթ նկարիչ մը։ Ու երբ դպրոցը աւարտելով տուն վերադարձաւ իրենց դաշինքը յարգելու համար, սրտաճմլիկ իրականութեան դէմ յանդիման գտնուեցաւ։ Իր եղբօր, Ալպերդի ձեռքերը տարիներու ծանր աշխատանքի հետեւանքով՝ մաշած եւ սպիացած, այնքան վնասուած էին, որ այլեւս ան չէր կրնար մատիտ բռնել, եւ կամ, նոյնիսկ մատիտ բռնելով գիծ մը քաշեր թուղթի վրայ։ Անոր գծանկարիչ դառնալու երազը պիտի չ’իրականանար։
Խորապէս յուզուած եղբօր զոհողութենէն՝ Ալպրեխտ ուզած է ձեւով մը պատուել զայն։ Ան խնդրած է Ալպերդէն, որ ձեռքերը քով քովի դրած, աղօթողի մը դիրքով կանգներ, որպէսզի այդպիսով անմահացներ անոր ձեռքերը իր արուեստին միջոցաւ՝ այն ձեռքերը, որոնք աշխատած ու զոհուած են, որպէսզի իր եղբայրը յաջողեր։ Մինչեւ այսօր <<Աղօթող Ձեռքերը>> գծանկարը կը մնայ զոհաբերական սիրոյ եւ անձնուրացութեան հզօր ձօն մը։
Սիրելինե՛ր, այս պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի խօսքը որ կը կարդանք Յովհաննու աւետարանի մէջ, 15.13․ <<Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար>>։ Ուստի, յիշեցէ՛ք եւ մտածեցէ՛ք այն մարդկանց մասին, որոնք զոհուած են ձեզի համար։ Ըլլան անոնք ծնող մը, որ տքնաջան աշխատանքով ձեզ համար հանապազօրեայ հաց ապահովուած են։ Թերեւս բարեկամ մը որ դժուար օրերուն ձեր կողքին կանգնած է ։ Թերեւս ուսուցիչ մը կամ խորհրդատու մը, որ ձեզ հաւատացած է երբ դուք ինքներդ չէիք հաւատացած ձեր կարողութեանը։ Անոնց սէրն է որ ձեւաւորած է ձեր կեանքի ուղին։
Եւ անշուշտ, կայ նաեւ գերագոյն զոհողութիւնը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի զոհողութիւնը։ Անոր ձեռքերը ո՛չ միայն մաշած էին՝ այլ խոցուած մեր մեղքերուն համար։ Ան Իր վրայ առաւ մեր ձախողութեան եւ մեր կոտրուածութեան ծանր բեռը, որպէսզի մենք կեանք ունենանք, եւ այն ալ առատութեամբ ունենանք։
Ուստի, եկէ՛ք պատուենք այդ բոլոր զոհողութիւնները՝ ապրի՛նք նպատակ ունենալով կեանքի մէջ, ապրի՛նք եռանդով եւ երախտագիտութեամբ։ Որովհետեւ երբ ուրիշներուն ծառայելու համար կ՚ապրինք, երբ Աստուած փառաւորելու համար կ՚ապրինք, մենք կը դառնանք կենդանի գլուխգործոցներ՝ աշխարհին արտացոլելով Քրիստոսի սէրն ու շնորհքը։
Մեսրոպ Եպս․ Պարսամեան
15 Յուուար 2025
Անգլերէնէ թարգմանեց ՆՔՔ
