ՔԱՐՈԶՆԵՐԸ ՈՐ ՉԵՆՔ ՅԻՇԵՐ
Մեսրոպ Եպս․ Պարսամեան

Մարդ մը իր գրած խմբագրականին մէջ կը հարցներ․«30 տարի է որ եկեղեցի կ’երթամ, եւ այդ ամբողջ տարիներուն ընթացքին լսած եմ մօտաւորապէս 3,000 քարոզներ։ Բայց անկեղծ ըսեմ՝ այդ քարոզներէն գրեթէ ոչ մէկը կը յիշեմ։ Կը մտածեմ՝ արդեօք քահանաները իրենց ժամանակը կը վատնե՞ն քարոզ պատրաստելով, եւ արդեօ՞ք մենք ալ մեր ժամանակը կը վատնե՞նք անոնց լսելով»։
Այս խմբագրականը մեծ քննարկումի առարկայ դարձաւ ընթերցողին համար։ Մարդիկ սկսան թեր ու դէմ արտայայտուիլ այս գրութեան։ Ոմանք համամիտ էին գաղափարին։ Իսկ ուրիշներ կը գնահատէին քարոզին արժէքը։ Ի վերջոյ, ընթերցող մը իր պարզ պատասխանով սանձեց այս <<բանավէճը>>։
Ան գրեց․ «30 տարի է որ ամուսնացած եմ, ու այդ ամբողջ ժամանակի ընթացքին կինս պատրաստած է 32,000 ճաշ, բայց ես չեմ կրնար նոյնիսկ մէկ ճաշի մը ցանկը յիշել։ Սակայն քաջ գիտեմ․ որ անոնք բոլորն ալ զիս սնունդ տուին, զօրացուցին եւ օգնեցին որ ապրիմ»։
Ասիկա իսկապէս գեղեցիկ ճշմարտութիւն է։ Մենք թերեւս չյիշենք ամէն քարոզ որ լսած ենք, բայց Աստուծոյ Խօսքը յիշողութենէն աւելի խոր բան մը կու տայ մեզի։ Ան կը սնուցանէ մեր հոգին եւ կը զօրացնէ հաւատքը։
Յիսուս ըսաւ․ «Մարդ միայն հացով չ’ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է» (Մատթէոս 4․4)։ Հացը մարմինը ողջ կը պահէ, իսկ Աստուծոյ Խօսքը՝ հոգին։ Կերակուրը մեր մարմնին մկանները կը զօրացնէ, իսկ Աստուծոյ Խօսքը՝ մեր հաւատքին։
Ահա թէ ինչու եկեղեցի կը յաճախենք։ Եկեղեցւոյ մէջ Աւետարանը կը լսենք ու անոր պատգամը քարոզի միջոցաւ կ’ստանանք։ Սուրբ Սեղանին շուրջ կը համախմբուինք Պատարագի համար որպէսզի Քրիստոս Ինք սնուցանէ մեզ։ Կերակրէ մէզ Իր անապական սեղանէն, բաշխելով Իր մարմինն ուր արիւնը․․․ որ ի վեր է քան զամենայն միտս եւ զբանս։
Նոյնպէս, երբ մենք մեր առօրեայ ֆիզիկական կերակուրը կ’ուտենք, կարիքը չունինք հասկնալու թէ անոնց մէջի իւրաքանչիւր կենսանիւթ (վիթամին), հանքանիւթ ինչպէս կը գործէ մեր մէջ, որպէսզի կերակուրը մեզ սնուցանէ ու զօրացնէ։ Պարզապէս կ’ստանանք զայն։ Մարմինը գիտէ ինչ ընել։ Մեր հոգին ալ գիտէ, երբ կեանք կ’ստանայ։
Սիրելի՛ բարեկամներ, քրիստոնէական կեանքը յարատեւութիւն կը պահանջէ։ Ինչպէս մէկ ճաշը չի կրնար մեր մարմինը յաւիտեան պահել, նոյնպէս ալ մէկ աղօթքով մեր հոգին ամբողջ կեանքի ընթացքին չի կրնար գոյատեւել։ Ինչպէս մարմինը ամէնօրեայ ֆիզիկական հացի կարիք ունի, նոյնպէս ալ հոգին շարունակական աղօթքի, Աստուծոյ Խօսքին եւ Սուրբ Հաղորդութեան կարիքը ունի։
Դուք թերեւս չյիշէք ամէն հոգեւոր ճաշ որ կ’ստանաք, բայց ձեր հոգին կը յիշէ։ Ձեր հաւատքը կ’աճի։ Ձեր սիրտը առաւել եւս կը զօրանայ։ Եւ կամաց-կամաց Աստուծոյ Խօսքը ներսէն կը կերպաւորէ ձեզ եւ կ’օգնէ, որ հոգեւորապէս առողջ կեանք ապրիք։
Մեսրոպ Եպս․ Պարսամեան
22 Մայիս 2026
Անգլերէնէ թարգմանեց ՆՔՔ
