St. John Armenian Church
  • HOME
  • Our Parish
    • Our Mission
    • Our Story
    • Our Pastor
    • Our Parish Council
    • Eastern Diocese
    • Our Diocesan Primate
    • Stewardship
    • Armenian Fest
    • Armenian Fest Volunteers
  • Our Faith
    • We believe
    • Sacraments
    • Our Orthodox Faith
    • Oriental Orthodox Church
    • Armenian Orthodox Church
    • Church Structure
    • Saints and Feasts
    • Five Major Feast Days
  • Hierarchical Sees
    • Holy Etchmiadzin
    • Holy See of Cilicia
    • Patriarchate Of Jerusalem
    • Patriarchate Of Constantinople
    • Two Catholicoi
    • Karekin II
    • Aram I
  • Church Services
    • 2026 LITURGICAL CALENDAR
    • REQUIEM REQUEST
    • A Walk Through the Liturgy
    • Home Blessing
    • Divine Liturgy
    • Clergy Vestments
    • Baptism
      • Baptism Guideline
      • Baptismal Application
    • Wedding
      • Wedding Application
    • Funeral
  • Events
    • Events Calendar
    • Events List
  • Media
    • LATEST NEWS & ARTICLES
    • LATEST NEWS
    • SAINTS & FEASTS
    • BISHOP MESROP’S WRITINGS
    • THIS WEEK IN ARMENIAN HISTORY
    • ARMENIAN CHURCH PUBLICATIONS
  • Contact
  • Menu Menu

Ննջեցեալի Թաղո՞ւմ, Թէ՞ Դիակիզում

ՄԻՒՌՈՆ Ծ. ՎՐԴ. ԱԶՆԻԿԵԱՆ

I. Ի՞նչ կ՛ըսէ Աստուածաշունչը դիակիզման մասին:

Ս. Գրոց ժամանակաշրջաններուն ընկալեալ երեւոյթ էր մահացածները թաղելու աւանդութիւնը, որ տեղի կ՛ունենար անհատի մը մահէն անմիջապէս ետք: Հին կտակարանի ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ Նոր կտակարանի հաւատացեալներուն համար դիակիզումը տարածուած եւ ընկալեալ սովորութիւն մը չէր: Ընդհակառակը, թաղումները տեղի կ՛ունենային, եւ մահացածներու մարմինները գերեզմանի, քարայրի կամ ալ հողի ներքեւ կը թաղուէին (Ծննդոց 23:19, 35:19, Բ. Մնացորդաց 16:14, Մատթէոս 27:60-66):

Ս. Գրոց ժամանակաշրջանին դիակիզումի դատապարտուածներ «անիծուած» օրինազանց դատապարտեալներ էին, որոնք խախտած ըլլալով Աստուծոյ հրահանգը կամ պատուէրները, որպէս «անիծեալ»-ներ, կը քարկոծուէին, ապա կ՛այրուէին (Յեսու 7:24-26): Դիակիզումի կ՛ենթարկուէին նաեւ աստուածուրացներ եւ աստուածամերժներ,  որպէս անէծք` կ՛այրուէին եւ անոնց մոխրացած մարմինն ու փոշիացած ոսկորները հովին կը տրուէին (Գ. Թագաւորաց 13:1-2, Բ. Մնացորդաց 34:3-5, Դ. Թագաւորաց 23:15-20):

Ըստ Աստուածաշունչի, դիակիզումը ընդհանրապէս ընկալուած եւ նկատուած էր որպէս պատժամիջոց եւ ո՛չ թէ մեռեալին հանդէպ ցուցաբերուած յարգանք: Սուրբ Գրոց ժամանակներուն անոնք, որոնք ընդհանրապէս կ՛այրուէին, դատապարտեալ, ոճրագործներ, անիծուածներ էին: Դիակիզումը Ս. Գրոց ժամանակաշրջանին ընդհանրացած եւ ընդունուած սովորութիւնն էր յատկապէս յոյներուն եւ հռոմէացիներուն մէջ: Հինտու կրօնին պատկանողներ, որոնք մեռնելէ ետք վերամարմնաւորման վարդապետութիւնը կ՛ընդունին, մինչեւ օրս ալ իրենց մեռելները կը հրկիզեն կամ կ՛այրեն: Իսկ հին եգիպտացիները իրենց մեռելները անժամանակ կամ մշտապէս պահպանելու համար կը զմռսէին:

II. Քրիստոնեայ մը երբ մահանայ կամ ննջէ, կարելի՞, կամ արտօնելի՞ է մարմինը այրել:

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ պատմութեան բոլոր դարաշրջաններուն եկեղեցին ու քրիստոնեաներ նախընտրած են իրենց ննջեցեալները թաղել, քան թէ` այրել: Քրիստոնեաներ համոզուած եւ հաւատացած են, որ եթէ իրենց մարմինները այրուին, Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, յարութեան պիտի չարժանանան: Ինչո՞ւ մարդիկ կ՛ընտրեն մեռնելէ ետք այրել իրենց մարմինները: Այնպէս կը թուի, թէ մարդիկ ընդհանրապէս կամ մեծաւ մասամբ նիւթական նկատառումներով եւ պատճառներով է, որ կը նախընտրեն այդ միջոցին դիմել:

Որպէս քրիստոնեաներ` մենք յոյսով կը հաւատանք, կը սպասենք ու անձկանօք կ՛ակնկալենք ննջեցեալներու մարմնական յարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ, ու Քրիստոսի պիտի միանանք իր արքայութեան մէջ:

Ինչո՞ւ քրիստոնեաներ այսքան մտահոգ են եւ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն իրենց մարմիններու պատշաճ թաղմանական արարողութեան: Այս առնչութեամբ կարելի է չորս պատճառներ նշել.

1) Մարդ արարածին մարմինը ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ եւ կը կրէ Աստուծոյ պատկերը. այլ խօսքով, Աստուած իւրաքանչիւրիս մէջ իր Հոգիէն հոգի դրած ու ստեղծած է իր նմանութեամբ, այդ իսկ պատճառով կ՛ակնկալուի յարգալից վերաբերմունք ցուցաբերել:

2) Մարդեղացման խորհուրդին կեդրոնական արժէքը: Այլ խօսքով, երբ Բանը (Քրիստոս) մարմին առաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, Աստուած յատուկ կերպով ու յաւիտենապէս վերարժեւորեց, սրբեց եւ օրհնեց մարդկային կեանքն ու մարմնի ֆիզիքական գոյութիւնը:

3) Հաւատացեալ մարդուն մէջ բնակող Աստուծոյ ներզօր Սուրբ Հոգին զինք փոխակերպելով` վերածած, կերպարանափոխած է պատուական անօթի:

4) Այնպէս` ինչպէս Յիսուս գերեզմանի մէջ թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ մարմնապէս, նոյնպէս ալ քրիստոնեաներ, այնպէս` ինչպէս անցեալին հաւատացին, ներկայիս ալ կը հաւատան եւ վստահութիւնն ու ապահովութիւնը ունին, որ իրենց մահն ու թաղումը գալիք յարութեան երաշխիքն է:

III. Դիակիզումը` համաձայն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ:

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, ուղղափառ այլ եկեղեցիներուն նման, կատարած է ու կը կատարէ մեռելոց թաղումը եւ ո՛չ դիակիզումը: Հայ եկեղեցւոյ դիրքորոշումը այս առնչութեամբ շատ յստակ է ու վճռական: Հայ եկեղեցին որեւէ մէկ պարագայի, ի՛նչ ալ ըլլան դրդապատճառները, չի՛ հաւատար, ո՛չ ալ կը քաջալերէ ննջեցելոց դիակիզումը: Հայ եկեղեցին ննջեցեալի դիակիզուած մոխիրին թաղման կարգ, արարողութիւն բացարձակապէս չի՛ կատարեր: Թաղման կարգի ծէսը եւ արարողութիւնը վերապահուած է ու կը կատարուի միայն այն պարագային, երբ ննջեցեալին մարմինը ներկայ է, հետեւեալ աստուածաբանական եւ սուրբ գրային պատճառներով. ա)  Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքէն կ՛իմանանք, որ Աստուած «մարդը ստեղծեց երկրի հողէն» (Ծննդ. 2:7), բ) իսկ երբ Ադամն ու Եւան անհնազանդ գտնուելով, կերան դրախտին արգիլուած պտուղէն, Աստուած անիծեց զանոնք` ըսելով. «Ճակտի քրտինքով հացդ պիտի վաստկիս, մինչեւ որ կրկին վերադառնաս հողին, որով ստեղծուեցար. հող էիր` հողին պիտի վերադառնաս» (Ծննդ. 3:19): «Հող էիր եւ ահա կրկին հողին կը դառնաս», գ) այսպէս, երբ արդարացի պատճառներով Հայ եկեղեցին աւանդաբար խստօրէն կը հակազդէ ու կ՛արգիլէ դիակիզումը` այդ նկատելով ո՛չ յարգալիր վերաբերմունք այն մարմնին նկատմամբ, որ Աստուած ստեղծած է Իր պատկերով ու նմանութեամբ:

Հետեւաբար, ըստ Աստուծոյ հրամանին եւ Սուրբ Գրոց ուսուցումներուն, մեր հողեղէն մարմնով հողին պիտի վերադառնանք: Դիակիզումը անհնազանդութիւն, մերժում, ժխտում եւ ուրացումն է Սուրբ Գրոց ուսուցումներուն: Եկեղեցին դիակիզումը կը նկատէ սրբապղծութիւն եւ ըստ կամս կատարուած օրինախախտում, այն, ինչ որ մեզի համար Աստուած տնօրինած ու հաստատած է: Նոր կտակարանին մէջ մեռածներ ննջեցեալ անուամբ ներկայացուած են: Անոնք մեռելներէն յարութիւն պիտի առնեն: Մարմնապէս կը ննջեն, սակայն անոնք կենդանի են Աստուծոյ համար:

Հայ եկեղեցին քրիստոնեայ մկրտուած ննջեցեալ իր անդամներուն կ՛ընծայէ թաղման երեք կարգի արարողութիւն.

Ա.- Տան կարգ: Այժմ արեւմտեան երկիրներու մէջ այս արարողութիւնը ընդհանրապէս մեռելատուն մատուռներու մէջ կը կատարուի:

Բ.- Եկեղեցւոյ կարգ: Այս արարողութիւնը ընդհանրապէս ծխական եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի:

Գ.- Գերեզմանի թաղման կարգ: Ննջեցեալի թաղման այս արարողութիւնը գերեզմանատան մէջ կը կատարուի:

Եթէ ննջեցեալին ընտանեկան պարագաները կը փափաքին զանազան պատճառներով, որ իրենց հարազատին դին դիակիզուի, թաղման եկեղեցւոյ կարգէն անմիջապէս ետք դագաղը դուրս կը բերուի եկեղեցիէն եւ կը տարուի դիակիզումի: Եկեղեցին որեւէ պատճառով ու ոչ մէկ պարագայի կ՛արտօնէ դիակիզուած ննջեցեալին մոխիրը եկեղեցի բերուի եւ կամ արարողութիւն կատարուի:

Յաճախ կրակը Աստուածաշունչի մէջ նկատուած եւ ներկայացուած է որպէս Աստուծոյ զայրոյթն ու դատաստանը: Կրակը պատկերացում եւ հոմանիշ է նաեւ դժոխքի:

Աստուածաշունչը, խօսելով մեռելներու յարութեան մասին, մեզի կ՛ուսուցանէ` ըսելով. «Մարմինը հող կը դրուի եղծանելի վիճակով եւ յարութիւն պիտի առնէ անեղծ. հող կը դրուի անարգ եւ յարութիւն պիտի առնէ փառաւոր. հող կը դրուի տկար եւ յարութիւն պիտի առնէ զօրաւոր. հող կը դրուի իբրեւ շնչաւոր մարմին եւ յարութիւն պիտի առնէ իբրեւ հոգեւոր մարմին» (Ա. Կորնթ. 15:42-44):

Որպէս հաւատացեալ քրիստոնեաներ` հաւատքով եւ յոյսով կը սպասենք Վերջին Օրուան, երբ Քրիստոս աշխարհ պիտի վերադառնայ, ու հաւատքով ննջածներ դուրս պիտի գան իրենց գերեզմաններէն: Մեր հողանիւթեայ, եղծանելի մարմինները հող կը դրուին, երբ մահանանք կամ ննջենք, «եւ յարութիւն պիտի առնենք յաւիտենապէս ապրելու» (Ա Կորնթ. 15:42):

Քրիստոնեայ ննջեցեալներ սպասողական վիճակով, իրենց դէմքը միշտ արեւելք, յարութեան յոյսով կը սպասեն` յայտնապէս ողջունելու Քրիստոսի երկրորդ գալուստը:

Share this entry
  • Share on Facebook
  • Share on X
  • Share on WhatsApp
  • Share by Mail

Latest News

  • OBITUARY: JOHN KAISHIANMay 16, 2026 - 8:57 pm
  • HISTORIC GALA BANQUET AT MILWAUKEE’S PFISTER HOTEL CELEBRATES FAITH, SERVICE, AND ARMENIAN HERITAGEMay 11, 2026 - 9:05 pm
  • 2026 CLERGY CONFERENCE INSPIRES UNITY AND SPIRITUAL RENEWAL IN MILWAUKEEMay 6, 2026 - 8:09 pm
  • EASTERN DIOCESE CELEBRATES FAITH AND LEADERSHIPMay 5, 2026 - 11:10 am
  • ROBIN DARLING YOUNG, PH.D.March 3, 2026 - 4:32 pm
  • A LIFE OF LEADERSHIP, ENTERPRISE, & SERVICE: ARA CHERCHIANMarch 3, 2026 - 12:55 pm
  • FROM GENEROSITY TO LEGACY: THE KAISHIANS’ HYE CAMP STORYMarch 3, 2026 - 12:36 pm
  • ST. JOHN CELEBRATES STEWARDSHIP SUNDAY WITH REFLECTION, FELLOWSHIP, AND HOLIDAY CHEERDecember 15, 2025 - 7:14 pm

Latest Articles

  • BEARING WITNESS THROUGH STEWARDSHIP: A TESTIMONY OF FAITH, COMMUNITY, AND GRATITUDEDecember 15, 2025 - 2:44 pm
  • Armenian Christmas
    THE CHRISTMAS DATE DILEMMAJanuary 17, 2025 - 6:38 pm
  • May 28, 2028
    MAY 28, A GLORIOUS ANNIVERSARYMay 28, 2024 - 8:09 pm
  • Washing of the Feet
    HOLY WEEK 2024 AT ST. JOHNMarch 31, 2024 - 8:17 pm
  • Vartan Mamigonian
    VARTANANTS: FROM AVARAYR TO NVARSAGFebruary 3, 2024 - 10:56 am
  • THE MESSAGE OF HIS HOLINESS KAREKIN II CATHOLICOS OF ALL ARMENIANS
    THE MESSAGE OF HIS HOLINESS KAREKIN II ON THE NEW YEAR:2024December 31, 2023 - 2:28 pm
  • REV. DR. VAHAN H. TOOTIKIAN
    THANKSGIVING 2023: THANKING GODNovember 24, 2023 - 5:38 pm

Latest News

  • OBITUARY: JOHN KAISHIANMay 16, 2026 - 8:57 pm
  • HISTORIC GALA BANQUET AT MILWAUKEE’S PFISTER HOTEL CELEBRATES FAITH, SERVICE, AND ARMENIAN HERITAGEMay 11, 2026 - 9:05 pm
  • 2026 CLERGY CONFERENCE INSPIRES UNITY AND SPIRITUAL RENEWAL IN MILWAUKEEMay 6, 2026 - 8:09 pm

Hierarchical Sees

Holy Etchmiadzin
Holy See of Cilicia
Patriarchate of Jerusalem
Patriarchate of Constantinople

 

various dioceses

www.armenianchurch.us
www.wdacna.com
www.armenianprelacy.org
www.westernprelacy.org
www.armenianchurch.ca
www.armenianprelacy.ca
www.armenianchurch.org.uk
www.armprelacylb.org

Subscribe to Our Newsletter

Scroll to top Scroll to top Scroll to top