ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ՝ 2024

Կիրակի, Յունուար 28, 2024, յաւարտ Ս․ Պատարագի, տեղի ունեցաւ Միլուօքիի Ս․ Յովհաննէս Մկրտիչ Հայց․ Առաք․ եկեղեցւոյ Տարեկան Անդամական Ժողովը, մասնակցութեամբ Նիւթաբարոյական Տնտեսներու (Stewards)աւելի քան 90 տոկոս համեմատութեամբ։ Տարեկան Անդամական ժողովին, համաձայն Առաջնորդարանիս Ծրագիր-Կանոնագրին, իրենց 2023 տարուայ գործունէութեանց տեղեկագրութիւնները ներկայացուցին եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւն ու ծխական խորհուրդը, Թեմական Պատգամաւորը եւ եկեղեցւոյս յարակից մարմինները։